Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Անօ Սիրոյի քաղաքապետութեան եւ Փիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան հրաւէրով, 10րդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս Արցախի ազատամարտիկներու 11-15 տարեկան (8 աղջիկ եւ 13 տղայ) 21 մանուկներ եւ իրենց պատասխանատուն՝ Հայաստան Տումանեան, 24 Օգոստոսէն 7 Սեպտեմբեր առիթը ունեցան անցընելու 10 օրեր Անօ Սիրոյի, եւ 4 օրեր ալ՝ «Խածիքիրիաքիօ»ի մէջ:
Անօ Սիրոյի քաղաքապետ Ֆոթիս Քսաղորարիս եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները օրական դրութեամբ եղան Արցախի մանուկներուն հետ, որոնք վայելեցին Անօ Սիրոյի ժողովուրդին անկեղծ ու սրտբաց հիւրասիրութիւնը:
Կղզիին վրայ որոշ շրջան մը մնալէ ետք անոնք անցան Աթէնք եւ իրենց Յունաստան կեցութեան մնացեալ օրերը անցուցին «Խածիքիրիաքիօ»ի մէջ, ուր վայելեցին գուրգուրոտ հիւրասիրութիւնը հաստատութեան տնօրէնութեան եւ բոլոր պաշտօնեաներուն։ Հաստատութեան հրաւէրը առիթ մը եւս եղաւ, որպէսզի անոնք առիթ ունենան ծանօթանալու մայրաքաղաք Աթէնքին, Աքրոփոլիսին եւ տեսարժան այլ վայրերու:
Հաստատութիւնը նաեւ նուէրներ տուաւ բոլոր մանուկներուն, ինչպէս՝ հագուստեղէն, գրենական պիտոյք, եւ այլն։
Աթէնք կեցութեան օրերուն Արցախի ազատամարտիկներուն զաւակները կէսօր մը ճաշի հիւրը եղան Գոքինիոյ Հայ կապոյտ խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղին՝ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ: Անոնք նաեւ այցելեցին Ֆիքսի վարժարանը, ակումբը եւ Նէա Զմիռնիի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը: Նէա Զմիռնիի այցելութեան օրը անոնք ճաշի հիւրը եղան «3 Ասթերիա» ճաշարանին:
Անոնք նաեւ այցելեցին յունական «Էլէֆթերոթիփիա» օրաթերթի խմբագրատուն, ուր տեսակցութիւն ունեցան թերթի խմբագիր-տնօրէն Վանկելի Փանաղոփուլոսի հետ: Թերթը Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8ին, լուսանկար եւ գրութիւն մը հրատարակեց՝ անդրադառնալով անոնց այցելութեան նպատակին եւ յայտնեց, թէ անոնք զաւակներն են այն պայքարողներուն, որոնք զոհուեցան իրենց հայրենիքը ազատագրելու ատրպեճանական լուծէն: