ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեան 2007ի Յունուար-Մայիսին ստացած է 1175 դիմում-բողոք, որմէ 423ը՝ գրաւոր, անոնցմէ քննարկման ընդունուած է 130ը, փոխանցուած է այլ մարմիններու 23 եւ քննարկման չէ ընդունուած 170 դիմում-բողոք: 56 դիմում-բողոքի պարագային, դիմողին ներկայացուած են իր իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները:
Վերոնշեալ ժամանակահատուածին Երեւանի քաղաքապետարանին դէմ ուղղուած է 273, ոստիկանութեան դէմ՝ 121, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան դէմ՝ 66, դատարաններու դէմ՝ 61, դատախազութեան դէմ՝ 58 դիմում-բողոք: Ամենաքիչ թիւով դիմումներ ուղղուած են պաշտպանութեան նախարարութեան (9 դիմում), գիւղապետարաններուն (10 դիմում) գործունէութեան դէմ: