ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան-ՆԱԹՕ անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի (ԱԳԳԾ) իրականացման գնահատման նպատակով Հիւսիսատլանտեան դաշինքի փորձագէտները Յունուար 28էն Փետրուար 2 Հայաստան պիտի այցելեն: Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Արթուր Աղաբէկեան եւ նշեց, որ ՆԱԹՕի փորձագէտները դիտարկում պիտի կատարեն Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման գործընթացի վերաբերեալ: Ան յայտնեց, որ հայկական կողմը գրաւոր ներկայացուցած է կատարած աշխատանքերը, եւ ստացուած է դրական գնահատական: Պարտաւորութիւններու կատարումը դիտարկման պէտք է ենթարկուի տարին մէկ անգամ, սակայն, փոխնախարարի խօսքով, ԱԳԳԾի պարտաւորութիւնները պարտադիր չեն կատարման համար:
Նշենք, որ ԱԳԳԾի իրագործման առաջին երկամեայ փուլը սկսած է անցեալ տարի եւ 2006ի Մայիսին տեղի ունեցած է ծրագիրի իրականացման գործընթացի առաջին միջանկեալ գնահատման այցը: