ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստան հաստատուած ՆԱԹՕի ուժերու հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի, Յունուար 11ին յայտարարեց, թէ Փաքիստանէն հարաւային Աֆղանիստան թափանցած խումբ մը թալեպաններու հետ զինեալ բախումներու ընթացքին, ՆԱԹՕի խաղաղապահ զինուրներ սպաննած են 150 զինեալներ:
«Թալեպան» շարժումը հերքեց այս տեղեկութիւնը եւ աւելցուց, թէ զոհերուն թիւը չափազանցուած է եւ թէ անոնցմէ շատեր քաղաքայիններ էին:
Հինգշաբթի օր նաեւ ցոյց մը տեղի ունեցաւ Աֆղանիստան-Փաքիստան սահմանին վրայ պարիսպ մը կառուցելու ծրագրին դէմ:
Նկարին մէջ, Հինգշաբթի օրուան ցոյցէն տեսարան մը: