ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ.- Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Շաբաթ օր յայտարարեց, թէ Ամերիկա, Բրիտանիա եւ առհասարակ ՆԱԹՕն պէտք է քաշուին Աֆղանիստանէն, տրուած ըլլալով, որ անոնց ներկայութիւնը կ’ամրապնդէ թալեպաններու դիրքը Փաքիստանի մէջ:
Միւս կողմէ, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Խուրշիտ Քասուրի ըսաւ, թէ ՆԱԹՕ պէտք է հաշուի առնէ թալեպաններու հետ բանակցելու կարելիութիւնը, ընդգծելով, որ զինուորական գործողութիւնները պէտք է ուղեկցուին քաղաքական համապատասխան քայլերով՝ ակնարկելով Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններու դէմ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն:
Մասուրի աւելցուց, որ Աֆղանիստանի խորհրդարանի վերին պալատը արդէն իսկ անհրաժեշտ նկատած է զէնք վերցուցածներուն հետ խօսակցութիւններ սկսելու: Ան խօսքը ուղղելով Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն ըսաւ, թէ յատկապէս անոնք պէտք է լաւ գիտնան զուտ զինուորական մօտեցումին սահմանափակ բնոյթը: «Մեծն Բրիտանիա երկրին (Աֆղանիստանի) կապակցութեամբ լաւ փորձառութիւն ունի՝ հոն երեք պատերազմներ մղելով: Վստահաբար, բան մը սորված են հոն», ըսաւ փաքիստանցի նախարարը: