ՄԵԼՊՈՒՌՆ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի այս տարուան առաջին մրցաշարքին՝ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, ութերորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Հինգշաբթի, Յունուար 18ին, 6-4, 6-4, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց էքուատորցի Նիքոլաս Լափենթին, երրորդ հանգրուան հասնելով:
Յիշեցնենք, թէ Նալպանտեան անցեալ տարի այս մրցաշարքին կիսաւարտականին կրցած էր հասնիլ:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան եւ Լափենթի կը ձեռնուին մրցումէն ետք: