ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի չորս մրցաշարքներէն մէկը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու բաց մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ 24րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիդ Նալպանտեան Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ի երեկոյեան սուր պայքարէ մը ետք 7-5, 7-6 (7-4), 7-6 (8-6) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Իվան Նաւարօ Փասթորի դէմ, հասնելով երկրորդ հանգրուան:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Երեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին կը վիճաբանի իրաւարարին հետ: