ՀԱԼԷ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, Գերմանիոյ Հալէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող արհեստավարժ թենիսի մրցաշարքին առաջին հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ եօթներորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 7-5, 2-6, 4-6 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց ֆրանսացի Մարք Կիքէլէն, դուրս մնալով մրցաշարքէն:
Նալպանտեան, որ վերջերս հետզհետէ կը նահանջէ, աշխարհի լաւագոյն թենիսմէններու նորագոյն դասաւորման մէջ դուրս մնաց նաեւ առաջին քսանէն ու ներկայիս 25րդ դիրքը կը գրաւէ:
Առաջին դիրքին վրայ հաստատ կը մնայ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետէրէր, հակառակ «Ռոլան Կարոս» մրցաշարքի աւարտականին իր կրած պարտութեան: Կանանց պարագային, առաջին դիրքին վրայ կը մնայ պելճիքացի Ժիւսթին Հենէն:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Երեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին: