ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան երէկ յայտարարեց, թէ ընդունելի չէ այն մօտեցումը, թէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները կանխորոշուած են. «Մենք գտնում ենք, որ քաղաքական ուղին կարող է որոշել մեր ժողովուրդը»։
Սեպտեմբեր 25ին «Փաստարկ» ակումբին մէջ այս մասին յայտարարելով՝ Վահան Յովհաննիսեան աւելցուց, որ հասարակութիւնը համաձայն չէ մասնակցելու կանխորոշուած արդիւնքներով քաղաքական գործընթացներու. «Երբ խօսում ենք մեր ժողովրդի՝ քաղաքական գործընթացներին մասնակցելու կրաւորականութեան, հիասթափութեան մասին, դա հէնց ցոյց է տալիս, որ կանխորոշուած ուղի ոչ ոք չի ուզում ունենալ։ Բոլորն ուզում են իսկապէս ընտրող լինել։ Նախապէս գծած ձեւաչափը, գծած ուղին կամ թակարդը մեզ պէտք չէ», յայտարարեց ան։
Վ. Յովհաննիսեան կարեւոր համարեց նաեւ ընտրարշաւի որակը եւ յոյս յայտնեց, որ հնարաւոր կ’ըլլայ քայլ մը առաջ երթալ եւ քաղաքակիրթ քաղաքական բանավէճ կազմակերպել եւ ոչ թէ «սեւ ու սպիտակ»ի, «ջարդենք»ի տրամաբանութեան վրայ հիմնուած քաղաքական պայքար. «Մեզ համար ընդունելի չէ այս մօտեցումը։ Կարծում ենք՝ մեր հասարակութիւնն այնքան է հասունացել, որ կարող է քաղաքակիրթ ընդդիմութիւն եւ քաղաքակիրթ իշխանութիւն ձեւաւորել», ըսաւ ակումբի հիւրը։
Անդրադառնալով որոշ քաղաքական գործիչներու զարմանքին, թէ այդ ի՞նչ արտայայտութիւն է կառուցողական ընդդիմութիւնը՝ Վահան Յովհաննիսեան բացատրեց, թէ տեղ մը այդ զարմանքը հասկնալի կ’ըլլայ, բայց ոչ Հայաստանի մէջ։ «Ընդդիմութիւնը պարտաւոր է լինել դրական եւ կառուցողական, եւ նպատակը քանդելն ու ոչնչացնելը չէ։ Իսկ քանի որ Հայաստանում այդ չափանիշը չի աշխատում, ընդդիմութիւնը ապակառուցողական է, մենք ստիպուած ենք օգտագործել դրական կամ կառուցողական որակումները», ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան։
«Զարմանք» յառաջացուցած միւս հանգամանքի՝ Հ.Յ.Դ.ի կողմէ երկու թեկնածուի առաջադրման, եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն սեփական թեկնածուով մասնակցելու որոշման կապակացութեամբ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը ըսաւ. «Իրականում մե՛նք պէտք է զարմանանք։ Մարդիկ չեն զարմանում, որ նախապէս այս կամ այն կուսակցութեան համագումարի ժամանակ հնչում է, թէ առաջարկութիւն կայ որեւէ մէկին ընտրել որեւէ պաշտօնում։ Թէ որտեղ է ծնուել այդ որոշումը, ոչ մէկին չի հետաքրքրում։ Կարող են ինքնաառաջադրուել առանց պարզելու՝ կա՞յ, արդեօք, նման հասրակական պատուէր, թէ՞ ոչ։ Նրանք, ովքեր զարմանում են, հաւանաբար նաեւ լուրջ չեն վերաբերուել համախոհութեան հետ Հ.Յ.Դ.ի համաձայնագրի կնքմանը»։