ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահի վերահսկողական ծառայութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան, առաջարկներու, դիմումներու եւ բողոքներու բաժինը հրապարակեց 2006ի չորրորդ եռամսեակի նամակներու քննարկման արդիւնքներու մասին համառօտ տեղեկատուութիւն:
Ըստ այդ տեղեկատուութեան, նշուած ժամանակահատուածին քաղաքացիներէն ստացուած է 3201 նամակ:
Քաղաքացիներու առաջարկներու, դիմումներու եւ բողոքներու քննարկման կարգի մասին եւ վարչարարութեան հիմունքներու եւ վարչական վարոյթի մասին օրէնքներով սահմանուած կարգով բոլոր նամակները քննուած են՝ ստանալով համապատասխան ընթացք:
Նամակներուն մէջ արծարծուած հարցերը կ’առնչուին նիւթական օգնութեան, դատաիրաւական, պետական համակարգի, բնակարանային, սեփականութեան արձանգրման, կենսաթոշակային եւ այլ բնագաւառներու: