ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող դիւանագէտի մը նշանակումին դէմ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ ղեկավարուած ընդդիմութենէն տարի մը ետք, Ուրբաթ օր, Ամերիկայի նախագահ Ճորճ Պուշ ետ քաշեց Ռիչըրտ Հոկլընտի թեկնածութիւնը, իբրեւ դեսպան Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան գոհունակութիւն յայտնեց Սպիտակ տան այս քայլին նկատմամբ, որ «վարչակազմը վերջապէս անդրադարձաւ այն իրականութեան, որուն անդրադարձած էր ամերիկահայութիւնը, որ Հոկլընտ իր արտայայտութիւններով եւ առած քայլերով ինքզինք անյարմար որակեց իբրեւ ամերիկեան արժէքներու եւ շահերու ներկայացուցիչ-դեսպան Հայաստանի մէջ»:
Համբարեան շարունակեց ըսելով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի իր սկզբունքային կեցուածքին ու այդ ձեւով Սպիտակ տան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելուն համար, որ ցեղասպանութիւնը ուրացող մը երբեք չի կրնար եւ պէտք չէ ներկայացնէ Ամերիկան Հայաստանի մէջ»:
Իր կարգին, Մենենտէզ յայտարարեց. «Այս մէկը ողջունելի լուր մըն է: Յստակ էր, որ իրենց (վարչակազմին) առաջադրած անձը, այդ պաշտօնին, խնդրայարոյց էր: Կը յուսամ, որ յաջորդ նշանակեալը տարբեր հասկացողութիւն մը պիտի բերէ այս հարցին մէջ եւ Հայաստանի մէջ մեր բարեկամներուն հետ նոր բարեկամութիւն մը մշակէ»: