ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Անցնող տարին Հայաստանի տնտեսութեան համար եղած է ամենաարդիւնաւէտներէն մէկը՝ արձանագրելով աւելի քան 13 տոկոս աճ, այսպէս բնութագրեց 2006ի տնտեսական հանրագումարը նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, գործարար շրջանակներու շուրջ 60 ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած տարեվերջեան աւանդական հանդիպման ընթացքին:
Քոչարեան յայտնեց, որ տնտեսական աճի հիմնական մասը ապահովուած է շինարարութեան, առեւտուրի եւ ծառայութիւններու զարգացման շնորհիւ եւ յայտարարեց, որ «թէ՛ նախանցեալ եւ թէ այս տարուայ տնտեսական աճը հնարաւորութիւն է տալիս ձեւաւորել ընկերային ուղղուածութեամբ ամավարկ: Տարէցտարի աւելացնում ենք ծախսերը ընկերային, առողջապահական, կրթութեան ոլորտներում, աշխատավարձերը եւս կայուն աճում են: Յաջորդ տարի 20 տոկոսի չափ միջին աճ ենք նախատեսել պետական ամավարկի ոլորտի համար, իսկ որոշ ուղղութիւններով՝ կրթութիւն, գիտութիւն, աճը կազմում է մօտ 30 տոկոս: Էապէս մեծացրել ենք ծախսերը, որոնք ուղղուած են ենթակառուցուածքների զարգացմանը, այն ամէնին, ինչ կապուած է կեանքի որակի բարելաւման եւ տնտեսական գործունէութեան համար անհրաժեշտ պայմանների ստեղծման հետ»:
Նախագահը նշեց նաեւ, որ կայուն, երկարատեւ տնտեսական աճը սկսած է աւելի ակնյայտօրէն ազդել ժողովուրդի բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման վրայ, որու վկայութիւնն է երկարատեւ գործածութեան կենցաղային սարքերու ներածումի մօտաւորապէս 40 տոկոս աճը, նաեւ՝ 2006ին Հայաստան ներածուած ինքնաշարժներու թիւը՝ 25,000, որ նախորդ տարուան ցուցանիշէն աւելի է 5000ով, իսկ 2001ի համեմատ՝ 19,000ով: Քոչարեան ընդգծեց, որ անոնց ընդամէնը 3 տոկոսը թանկարժէք դասակարգի ինքնաշարժներ են. «Սա նշանակում է, որ իրականում ձեւաւորւում է միջին խաւ, եւ որ այդքան թւով ընտանիք բարելաւել է իր վիճակն ինչ-որ չափով: Երբ ծանօթանում եմ այս թուերին, ի հարկէ որոշակի բաւարարուածութեան զգացում չի կարող չառաջանալ»:
Իբրեւ սուր խնդիրներ, նախագահը նշեց եկամուտներու առումով հասարակութեան բեւեռացուածութիւնը եւ Երեւանի եւ մարզերու զարգացման մակարդակի անհամաչափութիւնը: Առաջինի վերաբերեալ Քոչարեան ըսաւ, որ թէեւ այդ խնդիրը մէկ-երկու տարուան մէջ ամբողջութեամբ լուծել հնարաւոր չէ, սակայն այստեղ կարեւոր են միտումները, որոնք, նաեւ ըստ միջազգային կառոյցներու գնահատականներուն, դրական են. չքաւորութեան շեմը եւ ծայրայեղ աղքատներու թիւը Հայաստանի մէջ կը նուազի:
Նախագահը երկրորդ խնդիրի առնչութեամբ բարելաւում նկատելով հանդերձ, նշեց, որ տակաւին բեկում չկայ. «Առաջին խնդիրը պէտք է լուծենք ընկերային քաղաքականութիւնն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելով, փոքր եւ միջին գործարարութեան զարգացմանը աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելով: Այս ուղղութեամբ քայլեր արուել են եւ յաջորդ տարի եւս փոփոխութիւններ անելու ենք: Միւս խնդրի կարգաւորումը փորձում ենք լուծել աւելի մեծ յատկացումներով: Այստեղ էական շարժ կայ՝ ենթակառուցուածքների վրայ Երեւանից դուրս լուրջ գումարներ են սկսուել ծախսուել: Յաջորդ տարի կ’իրականացնենք նաեւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ի եւ «Լինսի» հիմնադրամների լայնածաւալ ծրագրերը», ըսաւ նախագահ Քոչարեան:
Իբրեւ յաջորդ տարուան տնտեսական յաջող զարգացման հիմնական գրաւական, նախագահը նշեց բարեփոխումներու շարունակումը բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ մասնաւորապէս հարկային-մաքսային վարչարարութեան բարեփոխման գործին մէջ թիրախ պիտի ըլլայ ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարը:
Ան նաեւ կարեւոր խնդիր համարեց գործադիր իշխանութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ գործադիրի՝ ժողովուրդին հասանելիութիւնը: Նախագահը նշեց քաղաքապետարանին մէջ այս տարի գործադրութեան դրուած մէկ պատուհանի սկզբունքի կիրարկումը, ըսելով, որ յաջորդ տարի նման ծրագիր պէտք է սկսին գործադիրի բոլոր օղակները, ինչ որ կը բարելաւէ նաեւ ներդրումային միջավայրը:
Անդրադառնալով եկող տարի իրականացուելիք մեծ ծրագիրներուն, նախագահը նշեց Իրան-Հայաստան կազի խողովակաշարի շինարարութեան շարունակութիւնը, Հրազդանի ելեքտրակայանի 5րդ մասնաբաժինի կառուցումը եւ արդիականացումը, Իրան-Հայաստան երրորդ բարձրավոլթ գիծի կառուցումը, Երեւանի ջերմաելեքտրակայանի արդիականացման գործնական փուլի սկսումը, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ու եւ «Լինսի» հիմնադրամներու ծրագիրները, «Զուարթնոց» օդակայանի 2րդ փուլի շինարարութիւնը, Գիւմրիի օդակայանի արդիականացումը, «Նաիրիտ»ի արդիականացումը, «Արմէնթելի» մենաշնորհի վերացումը, ինչ նախագահի խօսքով, հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ լուրջ ներդրումներ ունենալու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ: Քոչարեան յայտնեց նաեւ, որ լուրջ ծրագիրներ իրականացնելու նախադրեալներ կան նաեւ հանքային արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, պիտի շարունակուին ջրամատակարարման ոլորտի ներդումները, աւելի աշխոյժ վարկային ծրագիրներ պիտի իրականացուին Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ:
Անդրադառնալով նախընտրական տարուան ընթացքին գործարար աշխարհի համար ենթադրուող «ռիսքերուն», նախագահը ըսաւ, որ տնտեսութիւնը խնդիրներ չ’ունենար. «Գործադիրն աշխատելու է աւելի կազմակերպուած, որ նախընտրական տրամադրութիւնները չազդեն տնտեսական գործունէութեան վրայ: Կարող էք հանգիստ լինել»:
Հանդիպման աւարտին, նախագահ Քոչարեան պարզաբանումներ տուաւ հանդիպման ընթացքին գործարարներու արծարծած հարցերուն, պատրաստակամութիւն յայտնեց անջատ քննարկման առարկայ դարձնել անոնց լուծումներուն շուրջ եղած առաջարկները:
Շնորհաւորելով գործարարներու գալիք Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, նախագահ Քոչարեան մաղթեց անոնց լաւ տրամադրութիւն, մեծ եկամուտներ, նաեւ՝ կրկին յիշեցուց հարկային պարտաւորութիւնները ամբողջութեամբ եւ ժամանակին կատարելու անհրաժեշտութեան մասին: