ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտենբեր 3ին աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Արարատի մարզպետ Ալիկ Սարգսեանին հետ:
Մարզպետը նախագահին ներկայացուց վերջին ամիսներուն մարզին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական վիճակը:
Ան յայտնեց, որ նախագահի նախորդ բոլոր յանձնարարականները գրեթէ ամբողջովին կատարուած են, ընթացքի մէջ է միայն երեք համայնքներու կազի մատակարարման հարցը, որը նոյնպէս շուտով կ’աւարտի:
Մարզպետը զեկուցեց նաեւ մարզի գիւղատնտեսութեան վիճակի մասին՝ աշնանային բերքահաւաք, մթերող կազմակերպութիւններու գործունէութիւն, արտադրանքի վերամշակման մասին: Ան նշեց, որ տարեսկիզբին Արարատի մարզին մէջ տեղի ունեցած ցրտահարութեան, կարկուտի, անձրեւներու, գետերու մակարդակի բարձրացման, սողանքներու հետեւանքով տնտեսութեան հասցուած հսկայական վնասները եւ աղէտներու հետեւանքները վերացուած են լայնածաւալ աշխատանքի շնորհիւ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը եւ մարզպետը անդրադարձան նաեւ մարզի արդիւնաբերութեան, մասնաւորապէս նոր զարգացող հանքարդիւնաբերութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ այս պահին ընթացող բարեփոխումներուն: