ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ, Նոյեմբեր 21ին ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա): Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ա. Գասփրչիք:
Զրուցակիցները քննեցին ղարաբաղեան հարցի լուծման գործընթացի ներկայ փուլի եւ Նոյեմբեր 28-29ին Մինսքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ գերաստիճանի շրջանակով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հնարաւոր հանդիպման կապուած հարցեր: Սակայն նախագահներու հանդիպումին մասին մասնայատուկ ոչինչ յայտարարուեցաւ:
Նոյն օրը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի պատուիրակութիւնը ընդունեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան:
Զրոյցի ժամանակ շարունակուեցաւ Նոյեմբեր 14ին Պրիւքսէլի հանդիպման ընթացքին սկսած քննարկումը՝ լուծման բովանդակային հարցերու վերաբերեալ: Կողմերը շօշափեցին նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հնարաւոր հանդիպման օրակարգի մանրամասնութիւնները:
Նոյն օրը, համանախագահները մեկնեցան Պաքու:
ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ-ՊՐԱՅԶԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան, որ Մ. Նահանգներ կը գտնուի, պիտի տեսակցի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի հետ:
Ղուլեան մասնայատուկ թուական չնշեց այս հանդիպումին համար:
«Որքան որ գիտեմ, ծրագրուած է, որ այս օրերուն Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա հանդիպում մը պիտի ունենայ Արկատի Ղուկասեանի հետ», ըսաւ Ղուլեան մամուլին: