ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Քոչարեան Սեպտեմբեր 28ին ընդունեց ԵԽԽՎ դիտարկման յանձնաժողովի զեկուցող Միքօ Էլոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան Հայաստանի՝ ԵԽի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններէն բխող բարեփոխումներու ընթացքին առնչուող հարցեր:
Նախագահ Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ բարեփոխումներուն, քանի որ անոնք համակողմանի զարգացման կարեւորագոյն երաշխիքն են:
ԵԽԽՎ դիտարկման յանձնաժողովի զեկուցողը նշեց, որ դիտարկման յանձնաժողովը կը գնահատէ սահմանադրութեան բարեփոխման փաստը եւ օրէնսդրական դաշտը սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Ան յայտնեց, որ հայկական կողմին հետ գործակցութիւնը արդիւնաւէտ է:
Խօսուեցաւ նաեւ ԼՂ հիմնախնդիրի, տարածաշրջանի երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մասին:
Նշենք, որ ԵԽԽՎ դիտարկման յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի եւ ԱԺ նախագահ Տիգրան Յարութիւնեանին հետ: