ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 22ին, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը՝ անոր նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ մասնակցած էր Հայաստանի եւ ԼՂի միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին:
Հանդիպման ընթացքին, ԼՂՀ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքը գնահատեց արդիւաւէտ եւ նշեց, որ ան տեղեկատուութեան փոխանակման եւ գործնական կիրառման առումով շատ օգտակար է: Աշոտ Ղուլեանի դիտարկումով, յանձնաժողովի գործունէութիւնը օրէ օր աւելի կ’աշխուժանայ, իսկ քննարկումները աւելի առարկայական կը դառնան:
ԼՂՀ օրէնսդիրները իրենց առաջնահերթ խնդիրը համարեցին Դեկտեմբեր 10ին նշանակուած առաջին սահմանադրական համաժողովրդական հանրաքուէի կազմակերպումը, որ իրենց կարծիքով, կը դառնայ երկրի հասունութեան եւս մէկ վկայութիւն եւ նոր ուղենիշ պետականաշինութեան գործընթացին մէջ: Այս առումով օրէնսդիրներու համար հետաքրքրական էր սահմանադրութիւնը ընդունելէ յետոյ օրէնսդրութիւնը երկրի հիմնական օրէնքին համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ հայ գործընկերներու փորձառութիւնը:
Նշելով, որ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին քննուեցան նաեւ տնտեսութեան առնչուող Հայաստանի եւ Ղարաբաղի օրէնսդրութիւններու ներդաշնակեցման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Քոչարեան եւ ԼՂՀ օրէնսդիրները քննեցին Ղարաբաղի տարբեր ոլորտներու մէջ կայացող բարեփոխումներուն մասին, միտքեր փոխանակեցին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ: