ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Յունիս 21ին ընդունեց հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Ռապըրթ Սիմընզը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան ՆԱԹՕ-Հայաստան գործակցութեան ներկայ փուլին, մասնաւորապէս անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրին առնչուող հարցեր: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին ծրագիրի իրականացման ընթացքէն:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ միջազգային ապահովութեան խնդիրներու շուրջ: