ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Սեպտեմբեր 27ին աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննուեցաւ ելեւմտական ոլորտի բարեփոխումներու ընթացքը: Մասնաւորապէս խօսուեցաւ ապահովագրական համակարգին, արժեթուղթերու շուկային եւ Կեդրոնական դրամատան վերաբերող բարեփոխումներուն առնչուող հարցերուն մասին: Նախագահ Քոչարեանի նախորդ օրը ստորագրուած հրամանագիրով Գագիկ Այվազեան նշանակուած է Հայաստանի դատական որոշումներու գլխաւոր հարկադիր կատարող: