ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կը շարունակուի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այցը Ֆրանսա: Երէկ, Յուլիս 13ի կէսօրէ ետք, նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Փարիզի «Փոքր պալատ» թանգարան, ուր ներկայացուած են հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները:
Ապա նախագահ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթիան Փոնսլէի հետ: Հանդիպումէն յետոյ նախագահը Ք. Փոնսլէի ուղեկցութեամբ մասնակցեցաւ Օրանժերի ցուցահանդէսին: