ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Երէկ, Յունուար 17ին մէկօրեայ մասնաւոր այցով մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հանդիպման ընթացքին պիտի քննուի իրավիճակը Հայաստանի մէջ՝ կապուած յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Նախատեսուած է նաեւ քննել ուժանիւթի հարցեր: