ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի նախագահ եւ բանակի գլխաւոր հրամանատար Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 23-24ին այցելեց շարք մը սահմանային դիրքեր:
Այցի նպատակն էր ծանօթանալ սահմանային դիրքերու մարտական պատրաստուածութեան:
Այցի ընթացքին գլխաւոր հրամանատարը հետեւեցաւ մարզումներու ընթացքին, զրուցեց սպաներուն եւ զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց կենցաղային պայմաններուն: