ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Փետրուար 1ին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան այցելեց Շիրակի մարզ: Ան Գիւմրիի պետական եւ մասնաւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէններուն հետ քննեց բուհական համակարգին մէջ նախատեսուող բարեփոխումներուն առնչուող հարցեր: Նախարար Մկրտչեան անդրադարձաւ նաեւ մարզի դպրոցներու տնտեսական եւ կենցաղային խնդիրներուն:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Մկրտչեան յայտնեց, որ 2010-11ին Հայաստան պիտի մտնէ եւրոպական փոխանակման գործընթացի մէջ, եւ ժամանակն է ձեւաւորելու որակի ազգային կեդրոն, որը վերահսկէ գիտելիքներու միասնական համակարգի աշխատանքը եւ նշեց, որ բարեփոխութեան առաջին քայլը հայոց լեզուի մէկ միասնական քննութեան ներդրումն էր, որ փորձարկուած է Շիրակի մարզին մէջ: