ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- ՆԱԹՕի կեդրոնակայանին մէջ Յունիս 15ին, տեղի ունեցաւ Եւրատլանտեան գործընկերութեան խորհուրդի (ԵԱԳԽ) պաշտպանութեան նախարարներու ամէնամեայ հանդիպումը: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան:
Օրակարգի միակ կէտի՝ «Գործընկերներու մասնակցութիւնը եւ ներդրումը ՆԱԹՕի կողմէ ղեկավարուող գործողութիւններուն» նիւթով ելոյթ ունեցաւ Մ. Յարութիւնեան:
Նախարարներու նիստէն առաջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կարճատեւ հանդիպում ունեցաւ Չեխիոյ իր պաշտօնակից Վլասթա Փարքանովայի հետ: Քննուեցան Չեխիոյ կողմէ Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու եւ երկկողմանի գործակցութիւն հարցեր:
Նիստէն յետոյ, Մ. Յարութիւնեան հանդիպեցաւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Էւանղելոս Մեյմարաքիսի հետ, քննելով Քոսովոյի մէջ հայկական երկրորդ խաղաղապահ դասակի մասնակցութեան, Յունաստանի ռազմական ակադեմիաներուն մէջ Հայաստանի սպաներու՝ բարձր հրամանատարական դասընթացքներուն մասնակցութեան խնդիրները:
ԵԱԳԽ նախարարներու նիստի աշխատանքներուն եւ հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ ՆԱԹՕի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Սամուէլ Մկրտչեան: