ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Ռուփէլի հրաւէրով, Օգոստոս 26-27ին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան մասնակցած է Սլովենիոյ Պլէտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ռազմավարական հաւաքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ ԵՄ պաշտօնատարներ, եւրոպական, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
«Հարաւային Կովկասի եւ կեդրոնական Ասիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ուղղութիւնները. ԵՄի դերը եւ ԵԱՀԿը» թեմայով կլոր սեղանի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ նախարար Օսկանեան:
Նախարար Օսկանեանի ելոյթը վերաբերած է տնտեսութեան բնագաւառին մէջ ընդհանուր դրական զարգացումներուն, որոնց շարունակականութեան ապահովումը խթան կը հանդիսանայ քաղաքական ոլորտին մէջ դրական զարգացումներուն համար:
Խօսելով տարածաշրջանի զարգացման մասին, նախարար Օսկանեան կարեւոր համարած է կայուն տնտեսական զարգացման խնդիրներուն վրայ ուշադրութեան սեւեռումը: Ան կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան՝ դիտել տարածաշրջանը ոչ միայն քարիւղի եւ կազի արտահանման տեսանկիւնէն, այլ հզօր մարդկային կարողականութիւն ունեցող ընդհանրութեան մէջ, որ պէտք է օգտագործուի եւ խրախուսուի: