ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ, «Նոյեան Տապան».- Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Յունուար 18ին ընդունեց եռօրեայ այցով Հայաստան գտնուող Հալէպի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մուհամմատ Սալէհ Մալլահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին գործարարները գոհունակութիւն յայտնեցին այցի արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Հալէպի վերոյիշեալ պալատներուն միջեւ կնքուած են համաձայնագիրներ եւ ձեռք բերուած հեռանկարային պայմանաւորուածութիւններ:
Վ. Օսկանեան ընդգծեց հայ-սուրիական գործարար կապերու կարեւորութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ կայուն տնտեսական գործակցութիւնը առաւել կը խթանէ երկու երկիրներու արդէն իսկ յառաջընթաց արձանագրած երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւնները:
Կողմերը խօսեցան նաեւ Սուրիոյ տնտեսական կեանքին մէջ հայ համայնքի նշանակութեան մասին՝ ընդգծելով վերջինիս դերը երկկողմ գործակցութեան մէջ:
Նշենք, որ նոյն օրը Հայաստանի եւ Հալէպի առեւտրաարդիւնաբերական պալատներուն միջեւ ստորագրուեցան փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիրներ, ինչպէս նաեւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդ հիմնելու համաձայնագիր: