ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հոկտեմբեր 26ին ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան ընդունեց տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող գերմանական «Մարշալ» հիմնադրամի հակամարտութեան գծով փորձագէտներու խումբը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականներու աշխատակազմի ներկայացուցիչներ:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Օսկանեան բարձր գնահատեց հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ անոր մնայուն յարաբերութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն իրարու քաղաքականութեան տարբեր ուղղութիւններուն աւելի խորութեամբ ծանօթանալու:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձան տարածաշրջանային խնդիրներուն, ՆԱԹՕի եւ ԵՄի հետ Հայաստանի գործակցութեան, վրաց-ռուսական յարաբերութիւններու որոշ ոլորտներուն:
Հիւրերու խնդրանքով, նախարար Օսկանեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ գործընթացը եւ խօսեցաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:
«Մարշալ» հիմնադրամը ամերիկեան անկախ հաստատութիւն է, որ կը զբաղի պետական քաղաքականութեամբ եւ կրթաթոշակներով: Հիմնադրամի նպատակն է նպաստել Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի գործակցութեան եւ փոխըմբռնման: Ան հիմնադրուած է 1972ին՝ իբրեւ նուէր՝ Գերմանիայէն, ի յիշատակ «Մարշալ»ի ծրագրէն ստացած օգնութեան: «Մարշալ» հիմնադրամը, բացի Ուաշինկթընի կեդրոնատեղիէն, գրասենեակներ ունի նաեւ Պերլինի, Պրաթիսլաւայի, Փարիզի, Պրիւքսէլի, Պելկրատի եւ Անգարայի մէջ: