ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Յունիս 20ին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան ընդունեց հարաւային Կովկասի հարցերով ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Ռապըրթ Սիմընզը:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Օսկանեան կարեւոր համարեց արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերու վերաբերեալ ՆԱԹՕի հետ քաղաքական խորհրդակցութիւններու պարբերականութիւնը:
Այնուհետեւ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ գործակցութեան անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի (ԱԳԳԾ) իրագործման շուրջ: Տեղեկացնելով, որ Յունիս 22ին պիտի մասնակցի ԱԳԳԾ հայաստանեան յանձնաժողովի նիստին, դեսպան Սիմընզ բարձր գնահատեց Հայաստանի ջանքերը ծրագիրի իրագործման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խաղաղապահներու ծառայութիւնը Քոսովոյի մէջ:
Նախարար Օսկանեանը նշեց, որ ԱԳԳԾ համապարփակ բնոյթի փաստաթուղթ է եւ կ’ընդգրկէ դաշինքին հետ գործակցութեան բոլոր հնարաւոր ոլորտները: Միեւնոյն ժամանակ Ծրագիրը կը դիտուի ՆԱԹՕի հետ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման եւ ամրապնդման եւ դաշինքի անդամ պետութիւններուն հետ երկկողմանի գործակցութեան կարեւորագոյն միջոց:
Դեսպան Սիմընզ անդրադարձաւ տարածաշրջանային ապահովութեան առնչուող զարգացումներուն, ՆԱԹՕ-Ռուսիա երկխօսութեան, դաշինքի կողմէ խաղաղապահ գործողութիւններուն, վերջերս Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ԵԱԳԽ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման արդիւնքներուն եւ ՆԱԹՕի շրջանակներով յառաջիկային նախատեսուող քայլերուն:
Դեսպանի խնդրանքով, նախարար Օսկանեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերջին զարգացումները: