ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Սեպտեմբեր 4ին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա) եւ Եուրի Մերզլեաքովի (Ռուսիա) հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ա. Գասպրչիք:
Համանախագահներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննուեցան ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ ընթացքը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին հանդիպումէն յետոյ առկայ տարակարծութիւններու յաղթահարման հնարաւորութիւնները:
ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները ներկայացուցին նախօրէին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Է. Մամէտեարովի հետ բանակցութիւններու արդիւնքները:
Շօշափուեցան նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու տարածաշրջան այցելութեան ժամկէտները: Նախնական համաձայնութեամբ՝ վերջիններս տարածաշրջան պիտի այցելեն Սեպտեմբեր 15-17ին: