ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Յունուար 2ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Ճերըլտ Ֆորտի պետական թաղման արարողութիւնը, որմէ ետք դագաղը Միշիկըն փոխադրուեցաւ, ուր Ֆորտ հողին պիտի յանձնուի այսօր, Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին:
Նկարին մէջ, Ֆորտի դագաղը Քոնկրէսի շէնքէն կը փոխադրուի: