ՆԱՃԱՖ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ շիիներու սրբավայր Նաճաֆի ապահովութեան պատասխանատուութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին ամերիկեան ուժերէն փոխանցուեցաւ իրաքեան ուժերուն։
Համանուն նահանգի մայրաքաղաքին ֆութպոլի դաշտին մէջ տեղի ունեցան փոխանցումի պաշտօնական հանդիսութիւնն ու զինուորական տողանցքը։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Մուաֆֆաք Ռուպահի, որ յայտարարեց. «Եթէ պատասխանատուութեան տէր չկանգնինք, պատմութեան դատապարտումին պիտի արժանանանք»։ Ան կոչ ուղղեց նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի օրերուն բանակին մէջ ծառայած իրաքցիներուն, որ միանան նոր բանակին. ան նաեւ խոստացաւ ճիգ չխնայել՝ բարելաւելու համար բանակին սպառազինումը։
Նոյն հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ շրջանին մէջ գործած ամերիկեան ուժերու հրամանատարը՝ զօրավար Քըրթ Սիչովսքի: Ան նշեց, որ այս պատասխանատուութեան փոխանցումը ցուցանիշ մըն է իրաքեան բանակի ու ոստիկանութեան կարողութիւններու աճին։ Ան նաեւ յայտնեց, որ իր ուժերը ամբողջովին պիտի չհեռանան շրջանէն, այլ պիտի մնան պատրաստ՝ նեցուկ կանգնելու իրաքեան ուժերուն։
Հանդիսութեան ընթացքին իրաքեան ոստիկանութեան ջոկատ մը յառաջացաւ մինչեւ դաշտին կէսը, եւ անոր անդամները ձեռքերով սպաննեցին ու հում վիճակի մէջ կերան… նապաստակ մը։ Ապա տեղի ունեցաւ իրաքեան ուժերու տողանցք։
Նկարին մէջ, ամերիկացիներու կողմէ մարզուած իրաքցի զինուոր մը նոր սպաննուած նապաստակ մը կ’ուտէ փոխանցման արարողութեան ընթացքին: