ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկահայ բարերարուհի եւ հասարակական գործիչ, բանաստեղծ Ժենիա Այդինեան Ռզայէ (Միացեալ Նահանգներ) Հայաստանի մէջ գործող «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշմամբ արժանացած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսէնի (1861-1930) ոսկէ յուշամետալին՝ իր հասարակական-մարդասիրական գործունէութեան համար:
Հոկտեմբեր 25ին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէջ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին, պարգեւը յանձնուեցաւ Ժ. Այդինեան Ռզայէին:
Պարգեւատրումէն առաջ, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեան, նշեց, որ Ժենիա Այդինեան Ռզայէն 15 տարիէ ի վեր, տարեկան երկու անգամ կ’այցելէ Հայաստան եւ նուիրատուներէ հաւաքած աջակցութիւնը կը հասցնէ կարիքի մէջ յայտնուած բազմաթիւ ընտանիքներու եւ անհատներու: Այս աջակցութիւնը կը տրուի տիլին Այդինեան Ռզայէի կողմէ 15 տարի առաջ հիմնուած «Հայաստանի մանկատուներու հիմնադրամ» կազմակերպութեան միջոցով, որ կը գործէ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան առընթեր:
Յուշամետալը յանձնեց «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան:
Ժենիա Այդինեան-Ռզայէ ըսաւ, որ այս պարգեւը միայն իրենը չէ, այլ՝ «Հայաստանի մանկատուներու հիմնադրամ»ի բոլոր հովանաւորներուն եւ հիմնադրամի աշխատակազմին: