ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2006ի Յունուար-Սեպտեմբերին տնտեսութեան մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու հոսքերու ծաւալը (առանց պետական կառավարման եւ դրամատնային համակարգով ստացուածի) կազմած է 297 միլիոն 428.7 հազար տոլար, կամ 2005ի նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ 31.8%ով աւելի: Այդ գումարէն ուղղակի ներդրումներու ծաւալը կազմած է 149 միլիոն 44.1 հազար տոլար եւ աճած է 8%ով:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, 2005ի Յունուար-Սեպտեմբերին ուղղակի ներդրումներու 20.9%ը կամ 28 միլիոն 916 հազար տոլարը կազմած են կազմակերպութիւններու սեփականաշնորհումէն ստացուած գումարները: Առանց սեփականաշնորհման միջոցներու իրական հատուածին մէջ կատարուած օտարերկրեայ ընդհանուր ներդրումներու ծաւալը 2005ի Յունուար-Սեպտեմբերի համեմատ աճած է 51.1%ով, իսկ ուղղակի ներդրումներունը՝ 36.6%ով:
2006ի Յունուար-Սեպտեմբերին իրական հատուածին մէջ կատարուած օտարերկրեայ ներդրումներու 33.6%ը, իսկ ուղղակի ներդրումներու 23.7%ը ուղղուած են կապի ոլորտ: Ուղղակի ներդրումներու 23.4%ն իրականացուած է հանքագործական արդիւնաբերութեան, 16.4%ը՝ օդափոխադրութեան, 6.9%ը՝ սնունդի (ներառեալ խմիչքներու) արտադրութեան, 4.3%ը՝ շինարարութեան ոլորտներուն մէջ:
Նշուած ժամանակահատուածին կատարուած ներդրումներու առնչութեամբ առաջատարն է Արժանթինը՝ 57 միլիոն 941.2 հազար տոլար, Լիբանանը՝ 56 միլիոն 284.6 հազար տոլար, Յունաստանը՝ 44 միլիոն 865 հազար տոլար, Գերմանիան՝ 34 միլիոն 649.2 հազար տոլար, Ռուսիան՝ 34 միլիոն 377.7 հազար տոլար եւ Միացեալ Նահանգները՝ 23 միլիոն 749 հազար տոլար: