ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառը համախառն ներքին արտադրութեան մէջ 2 տոկոս էր: Այժմ, այս ոլորտին մէջ ներգրաւուած են շուրջ 150 հաստատութիւններ, որոնցմէ 105ը տեղական կազմակերպութիւններ են: Համաձայն Զարգացման հայկական գործակալութեան գնահատականներուն, ոլորտի աշխատանքը աճած է 12 տոկոսով, իսկ արտադրութեան ծաւալը կը գնահատուի 83.7 միլիոն տոլարով:
Ըստ գործակալութեան գործադիր տնօրէն Վահագն Մովսիսեանի, 2006ը նշանակալի էր այն փաստով, որ Հայաստան մտան ոլորտի մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս «Microsoft», «Ericsson», «Sonics», եւ «Intel»:
Ի դէպ, Վ. Մովսիսեանի խօսքերով, 2007ին կը նախատեսուի շարունակել տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու հսկաներէն IBM-ի հետ բանակցութիւնները, որոնց նպատակը այդ ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու ներգրաւումն է: