ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրատարակուեցաւ գեղագէտ, մշակութային մեկնաբան Լեւոն Լաճիկեանի «Խաչուող ճանապարհներ» ուղեգրութիւններու գիրքը, որ կ’ընդգրկէ 17ամեայ ժամանակաշրջան: Անոնք իւրատեսակ խոհեր են Հայաստանի անցեալի եւ ներկայ պատմութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի վերաբերեալ:
Նոյեմբեր 16ին «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէսը, որ վարեց «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիէլեան եւ իր ելոյթով հանգամանօրէն ներկայացուց աշխատութիւնը եւ հեղինակը:
Այնուհետեւ խօսք առնող մտաւորականները նշեցին, որ ներկայացուող գիրքի իւրաքանչիւր հատուած կը պատմէ ոչ այնքան հայրենի ու օտար եզերքներուն մէջ ապրող հայերու, որքան մեր «հոգեւոր հայրենիքի» մասին: Անոնց միջոցով ընթերցողը կրնայ մտովին փոխադրուիլ պատմական Հայաստան, շրջիլ եւրոպական շարք մը երկիրներ, ապա այցելել ԱՄՆ: Արուեստաբան-լրագրողի ճամբորդական նոթերը, ըստ անոնց, ունին ճանաչողական արժէք եւ օգտակար են ընթերցողներու լայն շրջանակներու համար:
Գիրքը հրապարակուած է «Մուղնի» հրատարակչութեան կողմէ, 1000 օրինակ տպաքանակով, հեղինակի պատկերազարդմամբ: Հրատարակութիւնը հովանաւորած են ամերիկաբնակ Րաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննիսեանները:
«Խաչուող ճանապարհներ»ը Լ. Լաճիկեանի չորրորդ գիրքն է: Մինչ այդ լոյս տեսած են Լաճիկեանի «Անլոյս օրերի ոգեղէն ղօղանջներ», «Հրաշալի այբուբեն», «Ներբող մայրենիին» գիրքերը: