ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 28ին կառավարութեան ներկայացուց մինչեւ 2015 կրթութեան զարգացման համալիր ծրագիրը: Այս մասին յայտնեց ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեանը եւ նշեց, որ ծրագիրը կը ներառէ ընդհանուր կրթական համակարգին մէջ՝ հանրակրթութենէն մինչեւ մասնագիտական կրթութիւն, իրականացուող ծրագրային բոլոր բարեփոխումները:
Նախարար յայտարարեց, որ համալիր ծրագիրի «Նպատակն է հայաստանեան կրթական ծրագրերը, չափորոշիչները եւ որակը համապատասխանեցնել խոշորագոյն եւրոպական կրթակարգին»:
Ըստ նախարարի՝ Հայաստանի համար կարեւորագոյն նպատակ պէտք է ըլլայ ի նաեւ գիտակրթական մեծ տարածքի ապահովումը՝ հետաքրքրութիւն առաջացնելով եւրոպական դաշտէն դուրս գտնուող հարեւան պետութիւններուն մէջ:
Համահայկական կրթական դաշտ ստեղծելը եւս համակարգի նպատակներէն մէկն է՝ ներառելով տեղացի, նաեւ սփիւռքահայ շատ ուսանողներ, զուգահեռաբար զարգացում տալ հայագիտութեան. «Հայագիտութիւնն այսօր ճգնաժամային վիճակում կարելի է համարել ոչ միայն Սփիւռքի կրթօճախներում, այլեւ հէնց մեր հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններում, ուստի այս ոլորտի զարգացումը կեանքի կոչելու համար նախատեսում ենք հայագիտութեան զարգացման պետական ծրագիր», արձանագրեց կրթութեան նախարարը: