Դուրս գալով հեղինակի մը նոր հրատարակած հատորին գինեձօնի, շնորհահանդէսի կամ ընթերցման ու ծանօթացման ընթացիկ ու աւանդական դարձած որդեգրումէն ու նոյն այդ ստեղծագործութիւնը հայկական սրահի մը կամ հանրային գրադարանի մը մէջ հրամցնելու սովորութիւնէն, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը այս անգամ տարբեր ձեւով մշակութասէր հանրութեան ներկայացուց անգլիագիր հայ գրագէտ Վիգէն Պէրպէրեանն ու իր նոր հրատարակած «Das Kapital» հատորը:
Շաբաթ, 23 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Սարգիս Պէրպէրեանի բնակարանի պարտէզին մէջ (Կլէնտէյլ) ներկայ գտնուեցանք նման նախաձեռնութեան մը, որուն ներկայ էին նաեւ աւելի քան հարիւր հայ եւ օտար մշակութասէրներ, բարեկամներ, համազգայնականներ եւ հեղինակին ընկերներն ու բարեկամները:
Հանդիսավար Անիթա Հաւաթեան յանուն ձեռնարկի կազմակերպիչ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան բարի գալուստի ու շնորհակալութեան երկլեզու իր խօսքերէն ետք, նախ պարզեց «Համազգային»ի կրթական եւ մշակութային նպատակներէն մէկուն՝ հայ գիրին ու գրողին նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնն ու պարտականութիւնը:
«Հայ գրագէտը, ըլլայ ան հայ գիրով կամ օտար, անկասկած իր ազդեցութիւնը ունի գաղութին վրայ: Թէեւ լեզուն պահպանելը, հայ գիրը սփռելը «Համազգային»ի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է, սակայն հայ գրագէտները քաջալերելը նոյնքան կարեւոր է: Վիգէն Պէրպէրեան համաշխարհային տարողութեամբ կը հրատարակէ գրական գործեր, եւ մենք անպայմանօրէն մեր գնահատական եւ քաջալերական խօսքերը կ’ուղղենք այս հայազգի գրողին»:
Ապա շարունակելով իր խօսքը, հանդիսավար Հաւաթեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակին կենսագրութիւնը: Բարի յիշեց անոր «Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալը, ինչպէս նաեւ UCLA-էն, Colombia University-էն եւ London School of Economics բարձրագոյն ուսմամբ վկայուիլը:
Պէրպէրեանի հեղինակած առաջին գործը եղած էր The Cyclist, շարունակեց Հաւաթեան, արդէն թարգմանուած 3 այլ լեզուներու եւ շեշտեց, թէ հեղինակը իր յօդուածներով, միշտ ներկայութիւն եղած է New York Times, The Financial Times, եւ Los Angeles Times թերթերուն մէջ: Յիշեց նաեւ, թէ Պէրպէրեան անցնող հինգ տարիներուն իր աշխատանքին բերումով ապրած եւ գործած էր Մանհաթընի, Փարիզի եւ Մարսէյլի մէջ:
«Երբ սկսայ ”Das Kapital” գիրքը կարդալ, անզգալաբար կլանուելով, զիս մտովի փոխադրեց Նիւ Եորքի բանուկ փողոցներէն մինչեւ stock market, ապա Միջերկրական ծովու շրջանը՝ յատկապէս Մարսէյլ եւ Քորսիքա կղզին: Հեղինակ Պէրպէրեան իր հերոսներն ու անոնց դէպքերը ներկայացնելու իւրայատուկ ոճ մը ունի, ճոխ ու հարուստ բառամթերքով, բծախնդիր ու փափկանկատ բացատրութիւններով, գիտութեամբ եւ տեղեկութիւններով բեռնաւորուած, որոնց շնորհիւ հատորին էջերը կը դառնան հեզասահ: Հատորի հեղինակը ճանչնալու լաւագոյն միջոցը անոր գործին ծանօթանալն է, հետեւաբար հաճեցէք քաջալերել. ամբողջացուց Անիթա Հաւաթեան իր խօսքը:
Իր կարգին հեղինակ Վիգէն Պէրպէրեան նախ յակիրճ կերպով միայն անգլերէնով անդրադարձաւ իր հատորին եւ ապա անկէ քանի մը էջեր ընթերցեց, որուն աւարտին առիթ տուաւ ներկաներուն, որ իրենց հարցումներով պարզեն զիրենք հետաքրքրող կէտերը:
Անկասկած, որ հրատարակութեան արժանացած գիրքի մը հեղինակին ներկայութիւնը նոյն այդ պահուն ոչ միայն ընթերցողը աւելի հետաքրքիր կը կապէ երկին, այլ նոր հրամցուած գիրքին մէջ դրսեւորուած իւրաքանչիւր դէպք, կերպար կամ տիպար որոշ չափով առաւել հաղորդակից կը դառնայ:
«Das Kapital» գիրքի ներկայաման այս ձեռնարկը ներկաներուն հարցումներուն ճամբով յատուկ առիթ մը եւս եղաւ հեղինակին կեանքին առնչակից շաղախին ծանօթանալու եւ անոր ապրած ժամանակաշրջանի իրականութեան իրազեկ դառնալու:
Գիրքը, որ բաղկացած է 175 էջերէ եւ հրատարակուած՝ Simon&Schuster հրատարակչատան կողմէ, արդիական փորձագրութիւն մըն է, գրական ճոխ ու գեղեցիկ հանդերձանքով:
Բոլոր հարցերուն մօտենալու իր իւրայատուկ ձեւով, գրագէտ Պէրպէրեան լեզուական բարձր մակարդակի յատկանիշներով օժտուած իմացական կարողութեան լայն հորիզոններու տէր հեղինակ մըն է: Անկասկած որ յաճախ սրամիտ, պատկերաւոր շարահիւսութեամբ, հեռու ինքնագովութենէ, առանց աւելորդաբանութեան Վիգէն Պէրպէրեան իր այս նոր գործով մեզի կը հրամցնէ Նիւ Եորքն ու Մարսէյլը, Քորսիքան եւ stock market-ը, թէեւ օգտագործելով նշանաւոր Մարքսի հեղինակած հռչակաւոր «Das Kapital» գիրքին թելադրիչ նոյն խորագիրը, նոյնիսկ երբեմն անկէ ալ քանի մը մէջբերումներ կատարելով, սակայն հեռու կը մնայ անոր քաղաքական կապանքներէն: Պէրպէրեանի այս արձակը իր միտքին լեզուն է՝ հարազատ եւ արդար: Կ’ակնկալենք, որ գոնէ այս մէկը բախտը ունենայ հայերէնի թարգմանուելու:
A truly enchanting book!
I’ve had the honor to translate the first ten pages of Das Capital into Armenian.