ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Լոս Անճելըս թայմզ» թերթը իր Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ի թիւով կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթէնլի Հոյըր հաւանական կը համարէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջռղ թիւ 106րդ բանաձեւին վաւերացումը, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ պիտի քննուի Հոկտեմբեր 10ին:
Հոյըր յայտնած է, թէ 226 հովանաւոր ապահոված բանաձեւը շատ հաւանաբար Գոհաբանութեան տօնէն (Նոյեմբեր 22) առաջ վաւերացուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին:
Միւս կողմէ, թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Թամ Լանթոս կարողութիւնը չունի բանաձեւին վաւերացման դէմ դնելու եւ շատ հաւանական է, որ բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին հասնի, ուր եւս վաւերացումը հաւանական կը նկատուի:
Բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ քննելու թուական մը ցարդ չէ որոշուած, սակայն հոն եւս բանաձեւը ունի 31 հովանաւորներ: