ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Ներկայացուցիչներու տուն յղուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին (թիւ 106) զօրակցող քոնկրէսականներու թիւը աճ արձանագրեց վերջին քանի մը օրերուն, եւ այժմ անոր կը զորակցին 202 քոնկրէսականներ՝ հանրապետական եւ դեմոկրատ: Ճորճիայէն, Հաուայիէն, Միսիսիփիէն եւ Նիւ Եորքէն քոնկրէսականներ եղան վերջինները, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին բանաձեւին:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց. «Մեծապէս քաջալերուած ենք բանաձեւին նկատմամբ երկու կուսակցութիւններու պատկանող քոնկրէսականներու զօրակցութեամբ, ինչպէս որ ցոյց կու տայ աւելի քան 200ի հասնող անոնց թիւը: Խորապէս կը գնահատենք բանաձեւին հեղինակներուն թափած ճիգերը այս ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ զօրակցողները: Յուսալից ենք, որ հետագային, սերտօրէն գործակցելով բոլորին հետ, կարելի կ’ըլլայ Ցեղասպանութեան բանաձեւը որդեգրել Ներկայացուցիչներու տան մէջ»:
Բանաձեւի համահեղինակներէն Էտըմ Շիֆ (Դ., Քալիֆորնիա) յայտարարեց. «Զօրակցողներու երկու հարիւր թիւը կարեւոր հանգրուան մըն է: Բանաձեւին վայելած այս աչքառու զօրակցութիւնը ապացոյց է, որ Քոնկրէսի անդամները եւ իրենց ընտրազանգուածը կը գիտակցին, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական հրամայական մըն է»:
Դարձեալ, բանաձեւին զօրակցողներէն Աննա Իշու (Դ., Քալիֆորնիա) «հսկայական նուաճում» որակեց զօրակցողներու թիւը 202ի հասցնելը եւ աւելցուց, թէ ինք իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի երկար սպասուած բանաձեւը հասնի Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ:
Քոնկրէսէն ներս Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրէնք Փալոն (Դ., Նիւ Ճըրզի) նկատեց, որ Քոնկրէսի անդամները շատ լաւ կ’ըմբռնեն, թէ կարելի չէ կասեցնել մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրները՝ առանց ճանչնալու նախկին ոճիրները:
Միւս կողմէ, քոնկրէսական Ճորճ Ռատանովիչ (Հ., Քալիֆորնիա) համոզում յայտնեց, որ բանաձեւը քուէարկութեան դնելու ժամանակը եկած է ու չծածկեց իր խանդավառութիւնը զօրակցողներու թիւը 202ի հասած ըլլալուն կապակցութեամբ: Ռատանովիչ հաստատեց, թէ այս թիւը ինքնին ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ է այլեւս բանաձեւը քուէարկութեան դնել:
Բանաձեւին զօրակցողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել մեր կայքէջի այսօրուան համարին անգլերէն բաժինին մէջ՝ www.asbarez.com հասցէով: