Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 8 Փետրուարին շարունակուեցան «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծի քննարկումները։
Հակառակ երկքաղաքացիութեան հարցին վերաբերեալ ձեռք բերուած ընդհանուր համաձայնութեան, պատգամաւորներուն միջեւ կային սուր տարակարծութիւններ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ կարեւոր հարցի մը, որ արծարծուած է բոլոր քննարկումներուն ընթացքին. երկքաղաքացիութեան համակարգին գործադրութիւնը պէտք է իրականացնել առաւելագոյն արդիւնաւէտ մեթոտներով, այսինքն՝ քաղաքացիութիւն տալով անոր ձգտող օտարահպատակներուն, պէտք է կարենալ չկորսնցնել նաեւ Հայաստանի քաղաքացիները։ Փոփոխութիւններու քննարկումը վերջ գտաւ, իսկ առաջին ընթերցումով քուէարկութեան պիտի դրուի յաջորդ նստաշրջանին, որ, ըստ «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանին, արտակարգ պիտի ըլլայ։
Ըստ էութեան՝ փոփոխութիւններու նախագիծի երկքաղաքացիութիւնը թոյլատրող կէտին խորհրդարանական բոլոր ուժերը դրական կը վերաբերին, սակայն լուրջ տարակարծութիւններ կան իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու սահմանումի հարցին մէջ։
«Անցեալ տարիներուն մենք տեսած ենք հայեր, որոնք ցաւ յայտնած են մեզի համար, բայց տեսած ենք նաեւ մարդիկ, ովքեր մեզի հարցուցած են, թէ ինչպէս կ՚ապրինք եւ ըսած են՝ ոչինչ, դիմացէք։ Արդեօք բոլորս պէտք է հաւասա՞ր քաղաքացիներ ըլլանք», հարց տուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Հերմինէ Նաղտալեանը։
«Եթէ բարոյականութեան սահման պիտի գծենք, եկէք մինչեւ վերջ գծենք։ Ո՞վ ստեղծեց այդ մութ ու ցուրտ տարիները, եկէք զիրենք զրկենք քաղաքացիութեան իրաւունքներէն», պատասխանեց Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Գեղամ Մանուկեան։
Իրաւունքներու շուրջ քննարկումները խորհրդարանին մէջ սկսան եւ վերջ գտան միայն երկքաղաքացիներուն ընտրելու իրաւունք տալու կէտին շուրջ։ Օրէնքի ընդդիմախօսներուն համաձայն՝ նախ եւ առաջ երկքաղաքացիներուն ընտրելու իրաւունք տալով, ազգային ապահովութեան խնդիրներ կրնան ծագիլ, երկրորդ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան «դուրսէն ձեւաւորուիլ»։ «Երկքաղաքացիութիւնը ընդունելի է, բայց իշխանութեան ձեւաւորման գործը անոնց (երկքաղաքացիներուն) պէտք չէ վստահիլ», յայտարարեց «Արդարութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան։
Ազգային ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեան պարզունակ նկատեց այն մօտեցումը, թէ ընտրութեանց ելքը կրնան կանխորոշել երկքաղաքացիները։ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան իր կարգին ըսաւ. «Երբ տեղի կ՚ունենայ չարաշահում, որ՝ «դուրսէն պիտի գան եւ մեր փոխարէն որոշում տան», ատիկա աւելորդ է։ Դուք աշխոյժ եղէք եւ թոյլ մի՛ տաք դուրսի ազդեցութիւնը։ Իսկ եթէ դուք այդ մէկը չընէք, ապա ձեր փոխարէն անպայման մէկը կ՚ընէ, եւ պէտք չէ այստեղ խառնել երկքաղաքացիները։ Ձեր փոխարէն հիմա ալ (ուրիշներ.- «Ա.») որոշում կու տան»։
9 Փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ խորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարները լրագրողներու հետ զրոյցներու ժամանակ կարեւոր նկատեցին երկքաղաքացիութեան դրութեան ամրագրումը Հայաստանի օրէնսդրութեան մէջ, սակայն անոնց մէկ մասը կը գտնէ, որ յարմար ժամանակ չէր ընտրուած այսպիսի կարեւոր խնդիր մը քննարկելու համար։
Պատասխանելով այս առարկութեան՝ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան յայտարարեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նոյնիսկ ուշացած է։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նպատակայարմար չէ՞ այս նախագիծը քննարկել ընտրութիւններէն ետք, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ նոյնինքն այս Ազգային ժողովը պէտք է ընդունի այս օրէնքը, որովհետեւ այս Ազգային ժողովը ձեռնամուխ եղած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, եւ սահմանադրութենէն ջնջուած է երկքաղաքացիութեան արգելքը։