ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին, Կիպրոսի իշխանութիւնները քննադատեցին մէկ օր առաջ գրաւեալ Կիպրոս այցելած Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլի այն կոչը, թէ Եւրոպական միութիւնը պէտք է Կիպրոսի տագնապին լուծումը Եւրոմիութեան անդամակցութեան նախապայման մը չհամարէ: Իբրեւ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ, Կիպրոս կրնայ կասեցնել Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները:
Կիւլ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարեց նախագահ ընտրուելէ ետք գրաւեալ շրջանը կատարած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, շրջանին ապօրինի խորհրդարանին առջեւ ելոյթ մը ունենալով:
Նկարին մէջ, Կիւլ (կեդրոնը) գրաւեալ Կիպրոս կը ժամանէ իր լաչակաւոր կնոջ հետ: