ԼԱՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Նիճերիոյ մեծագոյն քաղաքին մէջէն անցնող քարիւղատարի մը հրդեհին հետեւանքով, հարիւրաւոր քաղաքացիներ մահացան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին:
Կարմիր խաչի տուեալներուն համաձայն, մահացած են առնուազն 269 քաղաքացիներ, մինչ տեղական աղբիւրներ զոհերուն թիւը 500ի մօտ կը դնէին:
Հրդեհը ծագած է, երբ զինեալ խմբաւորումի մը անդամներ պայթուցիկ նիւթերով քարիւղատարը ծակած են, անկէ քարիւղ գողնալու նպատակով: Նկարին մէջ, նիճերիացիք կը դիտեն քարիւղատարէն բարձրացող կրակը: