ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ներկայ ըլլալու համար Նիւ Եորք այցելող Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին անհիմն համարեց ամերիկեան եւ իսրայէլեան մամուլին մէջ Իրանի հասցէին կատարուող շարք մը ամբաստանութիւններ եւ շեշտեց, թէ Իրան Իսրայէլի վրայ յարձակելու նպատակ չունի, չի փափաքիր հիւլէական զէնքեր արտադրել ու կը հաւատայ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան մը չեն պատրաստուիր:
Ահմատինեժատ աւելի ուշ Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ, հակառակ համալսարանի տնօրէնին «ոչ բարեցակամ» ընդունելութեան, որովհետեւ տնօրէնը յայտարարած էր, թէ Իրանի նախագահը «մենատէրի մը նման կը վարուի»:
Իր պատրաստած ելոյթէն առաջ, նախագահը յայտնեց, թէ տնօրէնը իր յայտարարութեամբ վարկաբեկած է ներկաներուն իմացականութիւնը եւ աւելցուց, թէ տնօրէնը այդ «սխալ» յայտարարութիւնը կատարած էր ամերիկեան մամուլին ազդեցութեան տակ:
Իր ելոյթին մէջ ան խստօրէն քննադատեց ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը:
Ահմատինեժատ այսօր (Երեքշաբթի) ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ ելոյթ պիտի ունենայ: