ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Նոյեան Տապան».- Չնայած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ տարածաշրջանին մէջ ԵԱՀԿ ղեկավարի անձնական ներկայացուցիչ Պորելի միջնորդական գործունէութեան, նշանակալի առաջընթացի հասնիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ, չյաջողուեցաւ: Այս մասին ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին յայտարարած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկէլ Անխել Մորաթինոսը:
Ելոյթի ընթացքին Մորաթինոսը նշած է նաեւ, որ «ցաւօք, ստորագրութիւնները պաշտօնական փաստաթղթերի վրայ ակնյայտօրէն անբաւարար են» եւ «պէտք է կարողանալ յաղթահարել անվստահութիւնը կողմերի միջեւ եւ հիմքեր դնել երկխօսութեան համար»: