ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 20ին, հինգերորդ անգամ ըլլալով նշուեցաւ ազգային անվտանգութեան ծառայողի օրը: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու մասնագիտական տօնի առիթով կազմակերպուած պաշտօնական ձեռնարկին կը մասնակցէին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան, ոստիկանապետ, զօրավար Հայկ Յարութիւնեան, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ներկայացուցիչներ, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ոստիկանութեան բարձրաստիճան սպաներ:
Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ԱԱԾ աշխատակիցներուն յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, բարձր գնահատելով ծառայութեան դերը ապահովութեան, սահմանադրական կարգի եւ սահմաններու անառիկութեան պահպանման գործին մէջ՝ նշեց, որ այս մարմինները պատուով կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Ներկայացնելով այս բնագաւառէն ներս ընթացիկ տարուան ձեռքբերումները՝ ԱԱԾ տնօրէն, զօրավար Գոռիկ Յակոբեան նշեց, որ անձնակազմի անձնուէր եւ արհեստավարժ աշխատանքի շնորհիւ մինչեւ օրս պատասխանատուութեան ենթարկուած օտար յատուկ ծառայութիւններու գործակալներուն այս տարի գումարուեցաւ եւս մէկը՝ թիւով իններորդը. «Սակայն եթէ նախորդները մեղադրուել են լրտեսութեան ձեւով պետական դաւաճանութեան համար, ապա վերջինիս դէպքում առաջին անգամ ձերբակալուել է մի անձ, որը օտարերկրեայ քաղաքացի է, եւ նրա գործունէութիւնն ուղղուած էր ոչ միայն մեր երկրի պետական եւ ռազմական անվտանգութեանը վերաբերող տեղեկութիւնների հաւաքմանը եւ փոխանցմանը, այլեւ տեսանելի ապագայում ահաբեկչական գործողութիւնների իրականացման նպատակով անհրաժեշտ պայմանների ստեղծմանը», յայտնեց ան: Գոռիկ Յակոբեան նշեց նաեւ, որ այս սպասարկութիւնը մշտապէս պիտի աշխատի նման ոտնձգութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ:
Հանդիսութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը, ոստիկանապետը եւ գլխաւոր դատախազը հրապարակեցին ապահովական բնագաւառի կարգ մը պաշտօնատարներու պարգեւատրման իրենց հրամանագիրները:
Նշենք, որ նախագահ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 19ին հրապարակած հրամանագիրներով, ազգային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար, այս բնագաւառի 17 պաշտօնատարներ պարգեւատրուած են հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար առաջին, երկրորդ աստիճանի եւ արիութեան շքանշաններով: