ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ Սեպտեմբեր 26ին նշուեցաւ ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեանի 80ամեակը:
ԳԱԱի նախագահական ընդլայնուած նիստի ընթացքին գնահատանքի խօսքեր հնչեցին, ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի ղեկավարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց ակադեմիկոսին՝ հաստատութեան գործունէութեան մեծ նպաստ բերելու համար: «Նա երկար տարիներ աշխատել է ակադեմիայում, վարել է տարբեր պաշտօններ: Նա ոչ միայն լաւ գիտնական է, այլեւ լաւ գիտական կազմակերպիչ: Նա հայագիտութեան եւ ակադեմիայի նուիրեալ է», ըսաւ ԳԱԱ ընդհանուր հարցերու գիծով ակադեմիկոս-քարտուղար, պատմաբան Բաբկէն Յարութիւնեանը:
Շեշտուեցաւ Վ. Բարխուդարեանի ներդրումը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ: Ի դէպ, քանի մը օր առաջ Վ. Բարխուդարեանին շնորհուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան:
Վ. Բարխուդարեանը ԳԱԱ անդամ է 1990էն, այժմ կը զբաղեցնէ հայագիտութեան հասարակական գիտութիւններու գիծով բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղարի պաշտօնը: Իր գիտական աշխատանքները նուիրուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայագիտութեան: