ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական մասնաշէնքի Չարենցի դահլիճին մէջ, Դեկտեմբեր 18ին, պաշտօնական կարգով նշուեցաւ արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Գուրգէն Մելիքեանի 70ամեակը: Շնորհաւորելով եւ երկար տարիներու գիտական, մանկավարժական կեանք մաղթելով յոբելեարին՝ ԵՊՀի խորհուրդի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Գ. Մելիքեանի հետ «շփուած է մեր հայրենիքի համար ամէնից ծանր տարիներին»:
«Այսօր հպարտութեամբ եւ հաճոյքով ցանկանում եմ ասել, որ իմ խորին համոզմամբ Գ. Մելիքեանն այն հազուագիւտ մարդկանցից է, որոնք, տիրապետելով մեծ նիւթական միջոցների, կարողացան իրենց ձեռքերը մաքուր պահել», նշեց ան: Ս. Սարգսեան բարձր գնահատեց նաեւ Գ. Մելիքեանի վաստակը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կայացման գործին մէջ: «Նա կանգնած է եղել ակունքներում, նաեւ նրա օգնութեամբ մենք կարողացել ենք ժամանակին ձեւաւորել կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ», ըսաւ ան:
Իր արտասանած խօսքով Գ. Մելիքեան պատիւ համարեց 48 տարի բարձրագոյն ուսումնական մայր հաստատութեան մէջ ըլլալը, ուր թէ՛ ուսանած է, եւ թէ դասաւանդած: «Եօթանասուն տարին հաշուետուութեան ժամանակ է, մարդ պէտք է կարողանայ հաշիւ տալ ե՛ւ իրեն, ե՛ւ ընկերներին, ե՛ւ շրջապատին, ե՛ւ յատկապէս ուսանողութեանը, երիտասարդութեանը, որ նրանք իմանան՝ ինչպէս կարելի է ապրել», նշեց յոբելեարը, որուն ներկայացմամբ՝ իրական մտաւորականը ան է, որ կրնայ աւելի շատ տալ եւ քիչ ստանալ՝ առանց ակնկալիքի, եւ բաւարարուիլ Աստծոյ կողմէ տրուածով:
Գ. Մելիքեան վարչապետին կողմէ պարգեւատրուեցաւ շքանշանով, նաեւ «Գարեգին Նժդեհ» շքանշանով՝ հայրենասիրական գործունէութեան եւ երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան մէջ ունեցած վաստակին համար: