ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, Հայաստանի գրողներու միութիւնը, Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային կապի եւ համագործակցութեան հայկական ընկերութիւնը Հոկտեմբեր 4ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ հանդիսաւորապէս նշեցին ռուս յայտնի գրող եւ հրապարակախօս Կիմ Բակշիի ծննդեան 75ամեակը, միաժամանակ կազմակերպելով Հայաստանին նուիրուած 6րդ՝ »Սառեցուած ժամանակը« գիրքի շնորհահանդէսը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեան եւ նշեց, որ Բակշին իր կեանքի 40 տարիները նուիրած է Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, ու այդ նուիրումի արդիւնքը եղած են վեց հատորները, որոնցմէ վերջինը նուիրուած է Մխիթարեաններու 300ամեայ պատմութեան: Կիմ Բակշիի միւս նուիրումը Մատենադարանի մասին պատմող շարժանկարի շարքն է, բաղկացած 24 բաժինէ:
Հանդիսութեան ընթացքին հրապարակուեցան Ս. Էջմիածինէն Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան շնորհաւորանքները եւ որոշումը Բակշին նախարարութեան ոսկէ մետալով պարգեւատրելու մասին:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Դաւիթ Մուրադեան, Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Սէն Արեւշատեան եւ Սլաւոնական համալսարանի տնօրէն Արմէն Դարբինեան:
Ներկաներուն շնորհակալութեան ջերմ խօսքով դիմեց Կիմ Բակշին եւ յայտնեց, որ ծրագրած է առանձին գիրք գրել Լեռնային Ղարաբաղի մասին:
Երեկոն աւարտեցաւ արուեստի վարպետներու ելոյթով եւ ընդունելութեամբ: