ԵՐԵՒԱՆ, «PanARMENIAN».- Նոյեմբեր 22ին, Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի մեկնի Կիպրոս՝ առաջին պաշտօնական այցով: Այս մասին յայտնեց նախագահի մամլոյ քարտուղար Վիքթոր Սողոմոնեան եւ աւելցուց, որ Կիպրոս այցի ընթացքին, Քոչարեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Կիպրոսի ղեկավարութեան հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննուին հայ-կիպրական յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս, երկու երկիրներու առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ բարելաւման հարցեր: