ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 6ին իր լիազօրութիւնները ստանձնեց նորակազմ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը եւ նոյն օրը տեղի ունեցած անդրանիկ նիստին, միաձայնութեամբ յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ նախագահի ներկայացուցիչ Գարեգին Ազարեան:
Փոխնախագահ ընտրուեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Շահբազեան, քարտուղար՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Աբրամ Բախչագուլեան:
Նշենք, որ համաձայն ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու, ԿԸՅի առաջին նիստը կը վարէր յանձնաժողովի տարիքով աւագ անդամը՝ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ, նախորդ ԿԸՅի քարտուղար Համլէթ Աբրահամեան: