ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 1-5ին Սթրազպուրկի մէջ նախատեսուող Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն պիտի մասնակցի 4րդ գումարման Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը: Նորակազմ պատուիրակութեան ղեկավարը ԱԺի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, արդարադատութեան նախկին նախարար, ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Յարութիւնեանն է: Պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած են նաեւ ՀՀԿ խմբակցութեան եւս երկու ներկայացուցիչներ՝ Գրիգորի Մարգարեանը եւ Հերմինէ Նաղդալեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան»էն Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Աւետ Ադոնցը, Վահէ Յովհաննիսեանը, Հ.Յ.Դ.էն՝ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, «Օրինաց երկիր»էն՝ Մհեր Շահգելդեանը, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:
Նշենք, որ պատուիրակութեան 8 անդամներէն 3ը՝ Ա. Ռուստամեանը, Հ. Նաղդալեանը եւ Գ. Մարգարեանը, ընդգրկուած էին նաեւ նախորդ գումարման ԱԺի պատուիրակութեան կազմին մէջ: